2015-01-19 10:33:34

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 19 յունուարի թուիթը` ''Աստուած օրհնէ Սրի Լանքան ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբը։''


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 19 յունուարին, վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը եւ այս առթիւ հրատարակած իր մէկ թութին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտի խօսք մը ուղղելով Աստուածային օրհնութիւններ հայցեց վերոյիշեալ երկիրներու բնակչութեան վրայ խնդրելով նաեւ որ աղօթեն իրենց համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը գրեց` ''Սրի Լանքայի եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի բարեկամներուս` Աստուած ձեզ օրհնէ բոլորդ։ Հաճեցէք աղօթել ինծի համար''։







All the contents on this site are copyrighted ©.